2008-11-23 15:12:48

Ծիսական ժամանակացոյցը Կիրակի ` նոյեմբեր 23, Բ կիրակի Յիսնակաց։


Ծիսական ժամանակացոյցը Կիրակի ` նոյեմբեր 23, Բ կիրակի Յիսնակաց։

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Մեծահարուստի մը հոգերէն։ - Ժողովուրդէն մէկը ըսաւ անոր Վարդապետ, ըսէ՛ եղբօրս, որ ժառանգութի՛ւնը բաժնէ ինծի հետ։ Ան ըսաւ անոր Ո՜վ մարդ, ձեր վրայ ո՞վ դատաւոր, կամ բաժանարար կարգած է զիս։ Եւ ըսաւ անոնց Նայեցէք, որ զգոյշ ըլլաք ամէն տեսակ ագահութենէ, որովհետեւ երբեք իր դիզած հարստութենէն չէ կախուած մարդու կեանքը։

Մեծահարուստի շտեմարանները - (Ապա) առակ մը պատմեց անոնց ու ըսաւ Մեծահարուստի մը արտերը՝ առատ բերք տուին։ (Այդ տեսնելով)՝ մտածել սկսաւ եւ ըսաւ Ի՞նչ ընեմ, քանի որ տեղ չունիմ այլեւս, ուր բերքերս հաւաքեմ։ Եւ ըսաւ Գիտեմ ինչ պիտի ընեմ, շտեմարաններս պիտի քակեմ, աւելի մեծեր պիտի շինեմ եւ հոն պիտի հաւաքեմ ամբողջ ցորենն, ու բոլոր բարիքներս։ Եւ ինծի կ՛ըսեմ Ո՜վ անձն իմ, երկար տարիներու համար ամբարուած առատ բարիքներ ունիս, հանգստացի՛ր, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախութիւն ըրէ։ (Բայց) Աստուած ըսաւ անոր Անմի՛տ, քեզմէ ա՛յս գիշերն իսկ պիտի պահանջեն քու հոգիդ եւ որո՞ւն պիտի մնան՝ ինչ որ պատրաստեցիր։ Նոյնը (պիտի պատահի նաեւ) անոր, որ իր անձին համար կը գանձէ եւ Աստուծո՛յ մէջ չի հարստանար

Աստուծոյ նախախնամութիւնը- Եւ (այսպէս) ըսաւ իր աշակերտներուն Արդ, (այս) ըսեմ ձեզի Հոգերով մի՛ տարուիք (ձեր) ապրուստին համար, թէ ինչ պիտի ուտէք, ոչ ալ (ձեր) մարմնոյն համար, թէ ինչ պիտի հանիք։ Որովհետեւ (շատ) աւելի է հոգին, քան կերակուրը եւ (աւելի կարժէ) մարմինը, քան հագուստը։ Ագռաւներո՛ւն նայեցէք, ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ոչ ալ ամբարանոցներ եւ Աստուած կը կերակրէ անոնք։ Որչա՜փ աւելի ձեզ (պիտի հոգայ ան), որ աւելի լաւ էք քան թռչունները։ Ո՞վ կրնայ ձեզմէ, հոգ ընելով, կանգուն մը աւելցնել իր հասակին վրայ։

Արդ, եթէ այդ փոքրիկ բանն անգամ ընելու կարողութիւնը չունիք, ուրիշ բաներու ինչո՞ւ հոգ կ՛ընէք։ Շուշանին նայեցէք, ինչպէս կ՛աճի, ո՛չ կը տքնի, ո՛չ կը մանէ եւ ըսեմ ձեզի, Սողոմոնն անգամ, իր ամբողջ փառաւորութեան մէջ, չէ՛ հագուած անոնցմէ մէկուն պէս երբե՛ք։ Արդ, եթէ խոտը, որ բաց դաշտի վրայ է այսօր եւ վաղը կրակ կը նետուի, այնպէս կը հագցնէ Աստուած, որքան աւելի ձեզի (հոգ պիտի տանի ան), թերահաւատներ։ Արդ, մի՛ փնտռէք, թէ ինչ պիտի ուտէք, կամ ինչ պիտի խմէք եւ մի՛ մտատանջուիք,որովհետեւ աշխարհի հեթանոսներն են, որ կը փնտռեն բոլոր այդ բաները, մինչ ձեր Հայրը գիտէ, թէ պէտք է ձեզի այդ ամէնը։ Աստուծոյ արքայութիւնը փնտռեցէք միայն եւ այդ բաները՝ աւելիով պիտի տրուին ձեզի։

Մեկնութիւն Աւետարանին – Հրեաներու քով յաջողութեան օրէնքները որոշուած են Մովսէսի Օրէնքով։ Սակայն Օրէնքին գործադրութեան համար, ժողովուրդը կը դիմէր օրէնսգէտներու խորհուրդին։ Յիսուսի դիմողը հաւանաբար կը գտնուի դժուար կացութեան մը մէջ, եւ եկած է, խորհուրդ հարցնելու, նկատելով Յիսուսը Օրէնքի վարդապետ մը։

Յիսուս խօսելով այս աշխարհի բարիքներու մասին, կը զգուշացնէ հարստութեան յարումին դէմ։ Առակը կը յիշեցնէ այս կեանքի դիւրաբեկութիւնը, յատկապէս անոնց որոնք ինքզինքնին ապահովութեան մէջ կը զգան։

Աւագ Օրհնութեան Շարականէն -

ճանչցանք զքեզ, Քրիտոս, իբրեւ յաւիտենական թագաւոր, տեսանք զքեզ, Քրիստոս, իբրեւ մահուան եւ կեանքի իշխան։ Դու ես Տէրը քեզմէ ուրիշ մէկը չկայ։

Քու աջդ բարձրացնելով, վրէժ պիտի առնես թշնամիէն, քու նետերդ արիւն պիտի հոսեցնեն։ Դուն որ մեռելներէն յարութիւն առնելով, նորոգեցիր մարդկային ազգը, Ս. Աստուածածնի աղաչանքներովը ամրացուր Եկեղեցւոյդ հիմերը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.